Ազրպէյճանի Արուեստի Ազգային Թանգարան

Ազրպէյճանի Արուեստի Ազգային Թանգարան

Տեսակ Պատկերասրահ
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Պաքու
Նստավայր Պաքու, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Հասցէ Niyazi küç. եւ 9-11
Հիմնադրուած է 1936
Տնօրէն Chingiz Farzaliyev?
40°21′47″N 49°49′54″E / 40.363056°N 49.831667°E / 40.363056; 49.831667
Կայքէջ nationalartmuseum.az/…(անգլերէն)
nationalartmuseum.az/…(ազրպ.)
nationalartmuseum.az/…(ռուս.)
Քարտէս
Քարտէս

Ազրպէյճանի Ռուստամ Մուստաֆայեւի Անուան Արուեստի Ազգային թանգարան (ազրպ.՝ Rüstəm Mustafayev adına Azərbaycan Milli İncəsənət Muzeyi), Ազրպէյճանի արուեստի մեծագոյն թանգարանը[1], ուր կը պահուի աւելի քան 17000 արուեստի գործ։ Թանգարանը հիմնադրուած է 1936-ին։ 1943-ին կոչուած է ազրպէյճանցի նշանաւոր թատերական նկարիչ Ռուստամ Մուստաֆայեւի անունով, որ երկրին մէջ թատերական-զարդարող արուեստի հիմնադիրներէն մէկն է[2]։

Թանգարանը տեղակայուած է իրարու հետ դրացութեամբ գտնուող Պաքուի երկու շէնքերուն մէջ, որոնք կառուցուած են 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ Թանգարանին մէջ հաւաքուած են Ազրպէյճանի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Ռուսաստանի, Արեւելքի արուեստի գործեր։ Թանգարանի ցուցանմուշները ցուցադրուած են Քանատայի (1966), Քուպայի (1967), Սուրիոյ (1968), Ֆրանսայի (1969), Չեխոսլովակիոյ (1970), Ալժերի (1970) եւ Իրաքի մէջ (1971)[3]։ Թանգարանը բաց է երեքշաբթիէն կիրակի, ժամը 10։00-18։00[4]։

Թանգարանի Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թագիեւի սենեակը Ազրպէյճանի պատմութեան թանգարանին մէջ, ուր սկզբնապէս տեղակայուած էր կերպարուեստի բաժինը

1920-ին Ազրպէյճանի պետական թանգարանին մէջ ստեղծուեցաւ կերպարուեստի բաժին։ Արուեստի բաժինի համալրումներու հետեւանքով, նկատի առնելով անոնց գեղարուեստական եւ պատմական արժէքները, 1936-ին որոշում կայացուեցաւ ստեղծելու առանձին թանգարան՝ Ազրպէյճանի արուեստի պետական թանգարան։ Սկիզբը կերպարուեստի բաժինը միլիոնատէր Կաճի Զէյնալապտին Թագիեւի նախկին առանձնատան մէջն էր, ուր այժմ կը գտնուի Ազրպէյճանի Պատմութեան Թանգարանը։ Թանգարանի բացումը կայացած է 1937-ին։ Անկէ ետք թանգարանի հինգերորդ յարկը յատկացուեցաւ Նիզամի Գիանջեւիի անուան ազրպէյճանական գրականութեան թանգարանին։

1943-էն թանգարանը կոչուեցաւ ազրպէյճանցի թատերական նկարիչ Ռուստամ Մուստաֆայեւի անունով[2]։ Մինչեւ 1950-ականներու սկիզբը թանգարանը կը գտնուէր քանի մը հին առանձնատուներու մէջ, ուր ներկայացուած էին մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցանմուշները։ Այդ ժամանակահատուածին թանգարանին մէջ աշխատած են երիտասարդ արուեստաբաններ Ռասիմ Էնտիեւը, Նուրատին Կապիպովը, Մուրսալ Նաճաֆովը, Մեհթի Կուսեյզատէն, որոնք Ազրպէյճանի արուեստաբանութեան հիմնադիրներն են։ Երկար տարիներ թանգարանը ղեկավարած են Ազրպէյճանի ժողովրդական նկարիչներ, ԽՍՀՄ պետական մրցանակի դափնեկիրներ Սալամ Սալամզատէն, Քիազիմ Կիազիմզատէն եւ Իպրահիմ Զէյնալովը։

1951-ին վիրաբերուեցաւ թանգարանին պատմական շէնքը, որ յայտնի է «Տեպուրի առանձնատուն» անունով։

Նոր շէնքին մէջ ստեղծուեցաւ նոր ցուցադրութիւն, երբ ներկայացուեցաւ թանգարանի կերպարուեստի հաւաքածուի լաւագոյն ցուցանմուշները։ Թանգարանը դարձաւ նաեւ արուեստագիտութեան կեդրոն։ Այստեղ կազմակերպուած են տարբեր միջոցառումներ՝ նկարիչներու յոբելանական ցուցահանդէսներ, երաժշտական երեկոներ, մտաւորականութեան հետ հանդիպումներ եւ այլն։

ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք թանգարանի ղեկավարութեան եւ երկրի նախագահի որոշումով թանգարանին յատկացուեցաւ շէնք մը եւս, որ կառուցուած է 1885-ին, ուր նախքան կը գտնուէր Պաքուի կիներու ուսումնարանը։

1992-1993-ին Ազգային ճակատի ղեկավարները որոշեցին թանգարանը «Տեպուրի առանձնատունէն» տեղափոխել Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութեան շէնք։ 1994-էն մինչեւ 2003 թանգարանի տնօրէնն էր քանդակագործ Իպրահիմ Իսմայիլ օղլի Զէյնալովը, 2003-էն 2010, արուեստագիտութեան դոկտոր Իսրաֆիլ Ռամազան օղլի Իսրաֆիլովը, իսկ 2010-էն մինչեւ օրս՝ Չինկիզ Ապտուլմեճիտ օղլի Ֆարզալիեւը։

7 Յունիս 2013-ին կայացաւ թանգարանի նոր մասնաշէնքի բացումը, որուն ներկայ էին երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ անոր կին Մեհրիպան Ալիեւը։

Թանգարանի Մասնաշէնքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին Մասնաշէնք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շէնքի Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առանձնատան ճարտարապետ Նիքոլայ Աւկուստովիչ ֆոն տէր Նոննէ

26 Փետրուար 1888-ին քարիւղ արդիւնաբերող եւ «Կասպիական գործընկերութիւն» բաժնետիրական ընկերութեան հիմնադիր Լեւ Մարտինովիչ տէ Պուրը (1840-1889) դիմեց քաղաքային իշխանութեան, խնդրելով հաստատել երկյարկանի քարէ առանձնատուն կառուցելու նախագիծը, եւ նոյն թուականի 26 Օգոստոսին քաղաքային ճարտարապէտ ֆօն տէր Նոննէն հաստատեց տան նախագիծը։ Հակառակ անոր, որ նախագիծին մէջ առանձնատան ճարտարապետի ստորագրութիւնը կը բացակայի, ճարտարապետ կը համարուի նաեւ ֆօն տէր Նոննէն։

Առանձնատան տեսքը 1900-ականներուն

1891-ի Յունուարին Լեւ տէ Պուրի ժառանգները առանձնատան բաժինը մը 16'000 ռուպլիով վաճառեցին «Կասպիական ընկերութեան»։ Բաժնետէրերը որոշեցին շէնքը կառուցել իբրեւ գրասենեակ, որուն հետեւանքով ճարտարապետը ստիպուած եղաւ որոշակի փոփոխութիւններ մտցնել նախագիծին մէջ։

Շէնքի կառուցումը կը թուագրուի 1891 եւ 1893-ին։ Կը նշուի, որ «Կասպիական ընկերութեան» տունը վերջնական աւարտին հասած է 1895-ին։ Նոյն թուականին մահացաւ «Կասպիական ընկերութեան» համահիմնադիր Պակիրովը եւ անոր փոխարինեց հայազգի Պօղոս Ղուկասեանը։ Մէկ տարի ետք տան մէկ հատուածին մէջ բնակութիւն հաստատեց ընկերութեան տնօրէններէն Արշակ Ղուկասեանը։

Թանգարանի գլխաւոր մասնաշէնքը 1930-ին

Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն ետք 1917-ին Անգլիոյ դեսպան Մաք-Տոնալտի աշխուժ մասնակցութեամբ Պաքուի ղեկավարութիւնը անցաւ Կեդրոնական կասպիական բռնապետութեանը, որ անգլիացիներուն հրաւիրած էր Կովկասի իսլամական բանակէն պաշտպանուելու համար։ Բրիտանական զօրքերը Պաքուի մէջ եղան մինչեւ 1919։ Անգլիացիներու շտապ-գրասենեակը կը գտնուէր «Կասպիական ընկերութեան» տան մէջ։ Այնտեղ կ'ապրէին նաեւ Ղուկասեանները։

28 Ապրիլ 1920-ին Կարմիր Բանակի Պաքու մտնելէ ետք Ազրպէյճանի հեղկոմի նախագահ դարձաւ Նարիման Նարիմանով, որ ազգային կոմիսարներու խորհուրդը կը ղեկավարէր «Կասպիական ընկերութեան» նախկին շէնքին մէջ։

Ճարտարապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը նշուի, որ տան հորիզոնական բաժանումները համահունչ էին փողոցի ուղղահայեաց բնակելի տուներուն։ Այն ժամանակ, երբ կը նախագծուէր Տեպուրի առանձնատունը, փողոցի կարմիր գիծերու երկայնքով հրապարակը ազատ էր։

Թանգարանի Հաւաքածուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի ընդհանուր 60 սենեակներուն ներկայացուած է աւելի քան 3000 ցուցանմուշ։ Առաջին մասնաշէնքին մէջ եօթը սենեակ յատկացուած է եւրոպական նկարիչներուն, 10-ը՝ ռուսական, իսկ մնացածը՝ իրանական, թրքական եւ ճափոնական արուեստին։ Երկրորդ մասնաշէնքի բոլոր 30 սենեակները յատկացուած են ազրպէյճանցի նկարիչներուն։ Ցուցանմուշներու մէջ ներկայացուած են ազրպէյճանական կերպարուեստի եւ յարդարելու արուեստի, պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ ստեղծուած տարբեր աշխատանքներ։ Կայ առանձին բաժին նաեւ հին ազրպէյճանական արուեստի համար, ուր ներկայացուած են հին հագուստներ, մանրանկարներ, սպասներ, եւ սերամիք: Կան նաեւ շատ գորգեր Արցախէն, Ղազախէն, Շիրվանէն եւ Ապշերոնէն։ Ներկայացուած են նաեւ կիներու եւ տղամարդու գօտիներ եւ դաշոյններ։ Ընդհանուր առմամբ թանգարանին մէջ կը պահպանուի մօտ 17000 արուեստի գործ, սակայն տարածքի սղութեան պատճառով բոլոր ցուցանմուշները ցուցադրուած չեն։

Անթիք Եւ Միջնադարեան Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անթիք եւ միջնադարեան արուեստի հաւաքածուն կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուած անթիք եւ միջնադարեան արուեստի տարբեր գործեր։ Անոնցմէ են Նախիջեւանի մէջ գտնուած թռչունի արձանը եւ Պաքուի մէջ գտնուած մ.թ.ա. III-I դարերու կիներու արձանիկները։

Գեղանկարչութեան Հաւաքածու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազրպէյճանական Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին մէջ կը պահպանուին ազրպէյճանական իրավարական արուեստի հիմնադիրներ Միրա Քատիմ Մամէտ-Հուսէյն օղլի Էրիվանիի, Միր Մոհսուն Նաւապի, Պահրուզ Կենգերլիի, Ազիք Ասլան օղլի Ազիմզատէի եւ խորհրդային շրջանի ազրպէյճանցի նկարիչներ Սալամ Սալամիէի, Միքայէլ Հուսէյն օղլի Ապտուալայեւի, Ամիր Կաճիեւի, Թագի Ազիզ Աղա օղլի Թագիեւի, Տողրուլ Ֆարման օղլի Նարիմանբեկովի, Թայիր Թէյմուր օղլի Սալախովի, Վիտատի Նարիմանբեկովի, Հազանֆար Ալեկպէր օղլի Հալիկովի, քանդակագործներ Օմար Հասան օղլի Էլատրովի գործերը։

Ռուսական Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսական արուեստի բաժինին մէջ ներկայացուած են 18-րդ դարու ռուս նկարիչներու գործեր, որոնց մէջ կարելի է նշել Ֆէօտոր Ռոկոտովին, Վլատիմիր Լուկիչին եւ Նիքոլայ Արգունովին։ 19-րդ դարու կերպարուեստէն կը պահուիեն Քառլ Պրիուլովի, Ալեքսանտր Իվանովի, Վասիլի Տրոփինինի, Ալեքսէյ Վենեցիանովի, Իւան Շիշկինի, Սեմիոն Շիոտրինի, Իսահակ Լեւիտանի, Ալեքսէյ Պոկոլիուպովի, Ալեքսէյ Քորզուխինի, Քիրիլ Լեմոխի, Վասիլի Փոլենովի, Ֆէօտոր Վասիլեւի եւ հայազգի Յովհաննէս Այվազովսկիի որոշ գործեր։

Արեւմտեան Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի հաւաքածուի մաս կը կազմեն եւրոպական տարբեր նկարիչներու արուեստի գործեր 16-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ 19-րդ դար։

Իտալական Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իտալական արուեստը ներկայացուած է Լէօնարտօ Պասանոյի, Ֆրանչեսքօ Սոլիմենայի, Ֆրանչեսքօ Կուերչինոյի, Պերնարտինօ Լուինիի, Անտրէա տէլ Սարտոյի եւ այլոց գործերով։ Թանգարանին մէջ կը գտնուի այնպիսի յայտնի գործեր, ինչպիսիք են Լուինիի վրձինին պատկանող «Սուրբ Քատերինան», Պասանոյի «Կնոջ դիմանկարը»։ Արուեստի գործեր կը պահուին նաեւ իտալացի քանդակագործ Լորենցօ Պարտոլինիէն։

Ֆլամանտական Եւ Հոլանդական Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆլամանատական եւ հոլանտական արուեստի համար առանձնացուած է թանգարանի երկու սրահ։ Հաւաքածուին մէջ գործեր կան ֆլամանտացիներ Ատրիան Պրաուվերէն, Տաւիտ Կրտսեր Տենիրսէն, Եուստուս Սիուստերմանսէն, հոլանտացիներ Ֆրանս Հալսէն, Ատրիան վան Օստատէէն, Փիթըր Քլասէն, Միխիլ վան Միրեւելտէն։

Ֆրանսական Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանսական սրահը ներկայացուած է 17-19-րդ դարերու նկարիչներու գործերով, որոնցմէ են Գասպար Տիւկէն, Ժիւլ Տիւպրէն, Փասքալ Տանեան-Պուվրէն, Ժան Կրիոզը, Ժան-Ժոզէֆ Պենճամին-Կոնստանը, Ժան Օնորէ Ֆրակոնարը, Լուի Էրսանը եւ այլն։

Գերմանական Եւ Սպանական Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին մէջ կը պահուին նաեւ գերմանացիներ Եոհան Հենրի Ռոսի, Ֆրիտրիխ Աւգուստ ֆոն Կալուպախի աշխատանքները, սպանացի Պարտոլոմէ Էստեպան Մուրիլիոյի «Հանգիստ Եգիպտոսի ճանապարհին» նկարի կրկնօրինակը։

Գորգերու Հաւաքածու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին մէջ ներկայացուած են Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարբեր վայրերէ հաւաքուած հին հայկական, իրանական եւ այլ գորգեր, որոնց մեծ մասը կը ներկայացուին իբրեւ ազրպէյճանական:

Հին Եգիպտոսի Արուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին մէջ կը պահուին նաեւ հին եգիպտական տարբեր քանդակներ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «NATIONAL ART MUSEUM OF AZERBAIJAN»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-05-15-ին։ արտագրուած է՝ 2017-01-14 
  2. 2,0 2,1 Azerbaijan Soviet Encyclopedia։ State Publishing House of the Council of Ministers of Azerbaijan SSR։ 1976։ էջեր 1st vol, p. 144 
  3. Azerbaijan Soviet Encyclopedia։ State Publishing House of the Council of Ministers of Azerbaijan SSR։ 1976։ էջեր 1st vol, p. 144 
  4. Art Museums and Galleries

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]